2015-11-11 11:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. Ընտանիքը` կենակցութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս'', այս բարերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 11 նոյեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած ճառին, որուն մէջ խորհրդածեց ընտանեկան կեանքի յատկանշական մէկ կէտին վրայ` կենակցութիւնը, այսինքն տրամադրութիւնը բաժնեկցելու կեանքի բարիքները։

''Արժէքաւոր մէկ առաքելութիւն մըն է որուն խորհրդանիշն է ընտանիքը համախմբուած տնային ճաշասեղանին շուրջ։ Ճաշի բաժնեկցութիւնը, կերակուրէն աւելի, հիմնական փորձառութիւն մըն է։ Ընտանիքը սեղանի  շուրջ կը համախմբուի երբ պիտի տօնախմբէ տարեդարձ մը, կամ յատուկ տօն մը եւ կամ որոշ մշակոյթներու մէջ նաեւ սուգի պահուն։

''Ընտանիք մը որ միասին չի բաժնեկցիր ճաշի պահը եւ կամ այդ պահուն չի փոխանակեր խօսքեր այլ կը զբաղի հեռատեսիլով եւ կամ ձեռքի հեռաձայնով կը նշանակէ թէ այդ ընտանիքին մէջ հարցեր կան'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ Քրիստոնէութիւնը ունի յատուկ կոչում կենակցութեան։ Յիսուս արդարեւ Արքայութիւնը կը ներկայացնէ որպէս տօնական խնճոյք։ Ան  ճաշի պահը ընտրեց իր աշակերտներուն փոխանցելու համար իր հոգեւոր կտակը եւ իր զոհաբերումի յիշատակը, ներփակուած Սուրբ Հաղորդութեան մէջ` Մարմնոյ եւ Արեան որպէս փրկութեան սնունդ եւ ըմպելի, որոնք կը սնուցեն իսկական եւ մշտնջենաւոր սէրը։

Մեր այս ժամանակաշրջանին որ յատկանշուած է բազմաթիւ փակումներով եւ չափազանց պատնէշներով, ընտանիքին մէջ ապրուած կենակցութիւնը կը դառնայ կարեւոր հնարաւորութիւն որ կարող է յաղթահարել փակումները եւ կառուցել հիւրընկալութեան եւ սիրոյ կամուրջներ։ Չկան փոքրիկներ, որբեր, տկարներ, անպաշտպաններ, վիրաւորներ եւ յուսախաբութեան մատնուածներ ու լքուածներ որ կարող չեն սնունդ առնել հաղորդութեան եւ ընտանիքի կենակցութիւնէն։

Մենք եւս գիտակից ենք թէ ինչ հրաշքներ կը գործուին երբ Մայր մը իր ուշադիր հայեացքով խնամք կը տանի  իր զաւակներուն։ Ու գիտակից ենք որքան ուժ ունի ազգ մը որուն հայրերը պատրաստ են արիութեամբ պաշտպանել անոր զաւակները, զանոնք նկատելով անբաժանելի բարիք մը – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու դիտել տուաւ թէ ''այսօր շատ մը ընկերային միջավայրեր արգելքներ կը դնեն ընտանեկան համակեցութեան'' ու թէ ''հարկաւոր է այդ համակեցութիւնը վերստին հաստատել զայն յարմարեցնելով ժամանակներու յեղաշրջումին''։

''Նայինք Սուրբ Հաղորդութեան ճաշակումին։ Տէրը իր Մարմինը կը բեկանէ եւ իր Արիւնը կը զեղու բոլորին համար։ Քրիստոնեայ ընտանիքի հորիզոնը Եկեղեցւոյ հորիզոնն է որ է Մայր բոլոր մարդոց ու բոլոր ազգերու լքուածներուն'' յորդորեց Քահանայապետը ապա հրաւէր ուղղեց աղօթելու որպէսզի ընտանեկան այս համակեցութիւնը աճի եւ հասուննայ` յառաջիկայ Ողորմութեան Յոբելեանի շնորհքի ժամանակի ընթացքին։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։

Տէրը ձեզ օգնէ սիրելի երիտասարդներ դառնալու ողորմութեան եւ հաշտութեան խթան, ձեզի սիրելի հիւանդներ թիկունք կանգնի չկորսնցնելու համար վստահութիւնը նոյնիսկ տաժան պահերու ընթացքին եւ ձեզի սիրելի նորապսակեալներ` շնորհէ պարգեւը Աւետարանին մէջ գտնելու ուրախութիւնը` ընկալելու ամէն մէկ մարդկային կեանք ու յատկապէս ան որ տկար ու անպաշտպան է։








All the contents on this site are copyrighted ©.